
«Պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի դէմ, իսկ Պաքուէն կը պահանջուի Հայաստանի տարածքէն զօրքերը դուրս բերել եւ հայ ռազմագերիները ազատ արձակել»․ Ֆրանսայի Ծերակոյտը 295 թեր, 1 դէմ քուէներով որդեգրեց սոյն բանաձեւը, որմով կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան վերոնշեալ պահանջներով ։ Ֆրանսայի Արտաքին առեւտուրի նախարար Օլիվիէ Պեխթ չառարկեց բանաձեւի ընդունման, սակայն նաեւ չյստակացուց, թէ արդեօք կառավարութիւնը պիտի ուղղուի՞ պատժամիջոցներու ճամբով։
Հայաստանի Ազգային ժողովի խօսնակ Ալեն Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին Հայաստանին աջակցող բանաձեւը ընդունելու համար «Շնորհակալ եմ մեր գործընկերներուն արդարութեան ծառայելու համար»: Արժանթինի հայ համայնքը եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը սկսած են ծրագիր մը՝ ի նպաստ Հայաստանի երեխաներուն։
Արժանթինի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ 2022-ին արդէն աշխատանքներ կը կատարուին Վանաձորի մէջ Երեխայի եւ ընտանիքի աջակցութեան կեդրոնի վերանորոգման, Սիւնիք մարզի Վերիշէն գիւղի եւ Շիրակ մարզի Արթիկ քաղաքի երկու հայորդեաց տուներ հիմնելու ուղղութեամբ:




