ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 10. 2022

Ատրպէյճան կը խախտէ 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարութիւնը, միջազգային հարթակներով ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւնները, Հայաստանի կառավարութեան նիստին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի 8 Նոյեմբերի յայտարարութիւններուն։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն յայտնեցին , որ զրուցակիցները քննարկած են 23 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿի երկիրներու ղեկավարներու գագաթնաժողովին, ինչպէս նաեւ այդ ծիրին մէջ Ռուսիոյ նախագահին` Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարելիք այցելութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նոյեմբեր 10-ին աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ կը գտնուի: Նախատեսուած է նախարար Միրզոյեանի հանդիպումը Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի եւ ֆրանսացի այլ գործընկերներուն հետ: Հայաստանի նախարարը պիտի մասնակցի նաև Փարիզի խաղաղութեան հինգերորդ համաժողովին:

Կարդացեք նաև

Back to top button