ԿարևորՌադիոլուր

«Ռադիոլուր»-ի հիմնական թողարկումը 08.11.2022

Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում ունեցան ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ համատեղ հանդիպում մը Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Նախարարները պայմանաւորուած են հանդիպում մը եւս ունենալ առաջիկայ շաբաթներու ընթացքին :

Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ երկօրեայ միջազգային համաժողով՝ «Այլընտրանքային ներդրումները Հայաստանի մէջ»։ Համաժողովի հիմնական նպատակն է Հայաստանի մէջ այլընտրանքային ներդրումներու կարելիութիւններ ստեղծելը : Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան, կարեւոր նկատելով, նշեց, որ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին հետ կատարած համատեղ հետազօտութիւններու արդիւնքը ցոյց տուած է , որ սփիւռքահայերուն 74 տոկոսը պատրաստ է Հայաստանի մէջ ներդրումներ ընել։

Հայաստանի մէջ շինարարութեան ծաւալները 9 ամսուան մէջ աւելցած են 14.3 տոկոսով։ Շինարարութեան առումով այս տարն Հայաստանի մէջ ամէնէն աշխոյժ ամիսը, ըստ ծաւալներու, եղած է Սեպտեմբեր ամիսը:

Կարդացեք նաև

Back to top button