Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբեր 21. 2022

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն , որ ԱտրպէյՊանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ իբր Հայաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակած են ատրպէյճանական դիրքերուն եւ փոխադրամիջոցի ուղղութեամբ, ապատեղեկութիւն է:

Եւրամիութիւնը մանրամասներ հրապարակեց Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանի հետ սահմանին տեղակայուող դիտորդական առաքելութեան վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական կարողությունները կ՛իրականացնեն երկու հիմնական խնդիրներ, նախ՝ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման` հետեւելով հրադադարի երկու կողմերու հաւատարմութեան, եւ երկրորդ, հրադադարի հետ կապուած զարգացումներուն վերաբերեալ տեղւոյն վրայ վերահսկել իրավիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:

Հայաստան ու Իրան համակարծիք են, որ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ առկա է խնդիրները պետք է լուծուին բանակցութիւններու եւ կառուցողական երկխօսութեան միջոցով՝ բացառելով ուժի կիրառումը կամ ուժի կիրառման սպառնալիքը։

Կարդացեք նաև

Back to top button