Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբեր 20. 2022

Կեսգիշերին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն , ինչպէս նաև ականանետերէն, կրակած են հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, կը հաղորդէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Բարեբախտաբար հայկական կողմէն կորուստներ չկան։ Երեւանի մէջ 20-21 Հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, այդ առիթով Հայաստան կը ժամանեն ԵԱՏՄ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարները:

Պաշտօնական Երեւանի հրաւէրով ԵԱՀԿ Եւրոպայի անվտագութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը կարիքներու գնահատման խումբ մը պիտի գործուղէ Հայաստան: Փորձագէտները Հայաստան պիտի ժամանեն 21 Հոկտեմբերին մէկ շաբաթով: Առաքելութեան նպատակը սահմանի որոշակի հատուածներուն իրավիճակը գնահատելն է:

Կարդացեք նաև

Back to top button