
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գրառում կատարած է թուիթըրի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմներու ընթացքին հայկական կողմի անհետ կորսուածներու մասին: «Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմի հետեւանքով 777 անհետ կորսուած հայ կայ, 217՝ Լեռնային Ղարաբաղի 2-րդ պատերազմին , եւ 29 անհետ կորսուած հայ՝ Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումին հետեւանքով։ Յոյսով ենք՝ Ատրպէյճան կը համագործակցի մեր հայրենակիցներու ճակատագրերը ճշտելու հարցին մէջ»,-գրած է վարչապետը։
19 Հոկտեմբերին՝ ժամը 00:10-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բացած են հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Այս պահու դրութեամբ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է:
Եւրոպայի խորհուրդի հորհրդարանական վեհաժողովի 47 պատգամաւորներ հանդէս եկած են գրաւոր յայտարարութեամբ, անոնք կը դատապարտեն ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք, Ատրպէյճանին կոչ կ՛ընեն անյապաղ դուրս բերել զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն եւ ազատ արձակել բոլոր ռազմագերիները։





