
Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող ԱՊՀ Անկախ պետութիւններ համագործակցութեան նախարարներու նիստի շրջածիրէն ներս՝ կայացաւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հանդիպումը, նախատեսուած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմ հանդիպում:
13 Հոկտեմբերի կառավարութեան նիստին Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ըսաւ, որ կառավարութիւնը կը հրաժարի եռամսեայ հաւաքներէն , զօրահաւաքը կը դառնայ 25 օրեայ, այդ պարտադիր՝ է Հայաստանի բոլոր զինապարտ քաղաքացիներուն համար։ Ըստ Պապիկեանի՝ քաղաքացիները իրենք կրնան ընտրել հաւաքներու ժամանակահատուածը։
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն France 2 հեռուստակայանի հետ զրոյցին մէջ մեղադրեց Ռուսաստանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին բախումները միտումնաւոր հրահրելու համար՝ Կովկասի տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու նպատակով, կը գրէ Reuters։




