
Երեւան «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքին՝ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով անհետ կորածները 16 Օգոստոս, ժամը 12։00-ի դրութեամբ 8-ն են: Նշուած է Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կայքին մէջ: Պայթումին հետեւանքով զոհուած 16 քաղաքացիներէն 13-ի ինքնութիւնը պարզուած է:
Լրագրողներուն հետ զրոյցին ՝ նշեց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Հայկ Կոստանեան: Ան տեղեկացուց, որ այն հատուածներուն, որտեղ տեղեկութիւն կայ, թէ մարդիկ կրնան ըլլալ, մեծ միջոցներ չօգտագործուիր, աշխատանքները ձեռքով կը կատարուին։
Հրավառութիւններու՝ ազատ կազմակերպումը պէտք է արգիլուի. Տիգրան Աւինեան դիմած է Ազգային ժողովի գործընկերներուն։ «Կը յորդորեմ Ագային ժողովի մեր գործընկերներուն՝ ձեռնամուխ ըլլալ այդ նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելուն»,-գրած է նախկին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան։




