ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յուլիս 29. 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուսաստանցի համանախագահ Իկոր Խովաեւը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցեր։

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնաժողովը հրապարակեց իր 2023 թուականի յատկացումներու օրինագիծը, որմով վերահաստատուած է 907-րդ լրացումը եւ առաջարկուած 2 միլիոն տոլար՝ Արցախի մէջ ականազերծման աջակցության համար, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն՝ տեղահանուած հայերուն օգնելու համար: Կը տեղեկացնէ Ամերիկայի հայկական համագումարը։

Շուռնուխի մէջ 4 ընտանիք բնակարանամուտ կը տօնէ: Շինարարական աշխատանքները արդէն աւարտին հասած են, բնակարաններու բանալիները կը յանձնուին ընտանիքներուն: Համայնքի միջոցներով , գործընկեր կազմակերպութիւններու հետ համատեղ Շուռնուխի մէջ բազմաթիւ ծրագիրներ կ՛իրականացուին։

Կարդացեք նաև

Back to top button