
Ամերիկայի պետական քարտուղարը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ բոլոր մակարդակներու վրայ կը շարունակեն աշխատանքը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հետ՝ շարունակելով առաջարկել ամերիկեան կողմի աջակցութիւնը՝ յանուն երկարաժամկէտ ու համապարփակ խաղաղութեան: Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է Նէտ Փրայս:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին 5 Օգոստոսին Սոչիի մէջ պիտի ընդունի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ յայտնեց Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով: Կ՛ակնկալուի, որ կողմերը քննարկեն Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակը եւ սննդամթերքի վերաբերեալ գործարքը:
Չնայած բժիշկներու գործադրած բոլոր ջանքերուն, պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Պալեան Ջիւանի Պօղոսեանը մահացած է: Կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
«Վակոն-տնակին մէջ դրուած վառարանի կայծէն բռնկած հրդեհը մարելու ատեն ստացած է վնասուածքներ»,- նշած է Թորոսեան։




