
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի հետ: Քննարկման առարկայ դարձած են, մասնաւորապէս, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան բացումը, գերիներու վերադարձը եւ այլ հարցեր:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման շուրջ բանակցութիւններ կան, սակայն յստակ ժամկէտ դեռ չի նշուիր: Ըսաւ Ազգային ժողովի Արտաքին հարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեան ։
Պետական եկամուտներու կոմիտէն յայտնեց, որ 1000 խոշոր հարկ վճարողներու կողմէն 2022 թուականին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարուած է 722 միլիառ 325 միլիոն դրամ:





