ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յուլիս 25. 2022

«Բարեկամութիւն» կամուրջը Հայաստանին ու Վրաստանին պատկանող՝ Բագրատաշէն-Սատախլօ սահմանին արդէն պատրաստ է: Կուտակումներէն խուսափելու համար առանձնացուած են բեռնատարներու եւ ուղեւորատար մեքենաներու գիծերը: Ու թեեւ պաշտօնական բացումը դեռ չէ եղած, սահմանը հատող մեքենաները արդէն կը փորձարկեն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 Յուլիսին կը գտնուի արձակուրդի մէջ, Հայաստան : Տեղեկութիւնը կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմէն։

Հայաստանի Շրջակայ միջավայի նախարարութիւնը կը յորդորէ աւելի հոգատար եւ սրտացաւ ըլլալ շրջակայ միջավայրին հանդէպ։ Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածեց, որպէսզի քաղաքացիները հոգատար վերաբերմունք ունենան բնական հարստութիւններուն նկատմամբ։

Կարդացեք նաև

Back to top button