
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս ամսուն:
Կը յայտնեն Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ: Եւրամիութեան Արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորել ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շրջածիրէն ներս Երեւանի քաղաքապետարանին յարող տարածքին մէջ նախատեսուած է տեղադրել հայ-ռուսական բարեկամութեան յուշարձան:




