Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յուլիս 4, 2022

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ իբր հայկական կողմէն կրակ բացած են հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ՝ չի համապատասխաներ իրականութեան։ Իրադրութիւնը սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի Հայաստանի Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան տակ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին՝ Անկախության օրուան առիթով: «Ամէն տարի Յուլիս 4-ին միլիոնաւոր ամերիկացիներ, նաեւ ամերիկահայ մեր հայրենակիցները, կը տօնեն Միացեալ Նահանգներու ամենակարեւոր օրը` Անկախութեան օրը»։

1 Յուլիսէն սկսեալ ՝ 300 հազար դրամը գերազանցող գործարքներու համար ընդունելի է միայն անկանխիկ վճարման տարբերակը: Սա ձեւ մըն է , որը պիտի օգնէ պակսեցնելու սեւ գործարքները, երբ տնտեսվարողը կը խուսափի օրէնքով սահմանուած հարկերը վճարելէն, իսկ այդ հարկերու հաւաքագրումէն կախուած է նաեւ թոշակառուներուն եւ անապահով խավերուն պետութեան կողմէն յատկացուող գումարները: Կը յայտնէ Առաջինի լրատուականը։

Կարդացեք նաև

Back to top button