
Աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Լաւրով: Տեղի ունեցաւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերգեյ Լաւրովի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդեց պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ հանդիպում:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր տիկնոջ եւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ այցելեց Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւն: Վարչապետը եւ նախագահը Հանրային հեռուստաընկերութեան 65-ամեակին առիթով հեռուստաընկերութեան խումբ մը նուիրեալներուն պարգեւներ յանձնեցին:
Շիրակ մարզի Աշոցք եւ Անի համայնքներու 8 բնակավայրերուն մէջ 2022 թուականի աջակցման ծրագիրներով պիտի իրականացուին խմելու ջուրի մատակարարման, ինչպէս նաեւ ջրահեռացման ցանցի կառուցման, նորոգման աշխատանքներ։





