
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 22 Մայիսին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Պրիւքսէլ։ Նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհւրդի նախագահ Շառլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը։
Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Լիթուանիոյ նախագահը դիմաւորելու պաշտօնական արարողութիւն։ Կայացաւ նախագահներ Վահագն Խաչատուրեանի եւ Կիթանաս Նաուսէտայի առանձնազրոյցը։
Այս տարի համալսարանի ընդունելութեան քննութիւններուն պիտի մասնակցի 13,573 դիմորդ ։ Ըստ տուեալներու՝ նախորդ տարուան համեմատ այս տարի դիմորդներու թիւը աւելցած է։




