
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 Մայիսին աշխատանքային այցով Մոսկուա կը գտնուի: Վարչապետը կը մասնակցի ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին։ Նիստէն յետոյ պիտի կայանայ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Ստանիսլաւ Զասի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համատեղ ասուլիսը:
Երեւանի տարբեր հատուածներէն 16 Մայիսին՝ ոստիկանութեան բաժիններ բերման ենթարկուած են 32 քաղաքացիներ: Երեւանի մէջ վերսկսած են ընդդիմութեան գործողութիւնները: Նախնական տուեալներ կը տարածուին կապուած Լիբանանի Խորհրդարանի ընտրութիւններուն։
Արդէն իսկ յայտնի են վեց հայ պատգամաւորներուն անունները, որոնք մաս պիտի կազմեն նոր Խորհրդարանին։




