
Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար գրած է․ «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարեւոր եւ հեռատես ելոյթը Ազգային ժողովին. Բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը մնան համապարփակ կարգաւորման ճանապարհին, սակայն կարեւոր է յառաջ շարժիլ: Հայաստանը ունի Եւրամիութեան աջակցութիւնը արդար խաղաղութեան որոնման համար»։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը յայտարարած է, որ Սուրբ Յարութեան տօնէն առաջ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը փորձած է սահմանափակումներ պարտադրել Յարութեան տաճարին մէջ։ Պատրիարքութեան դիւանապետ տէր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան ըսած է , որ իրենք դէմ են պարտադրուող սահմանափակումներուն եւ այդ մասին յայտնած են Երուսաղէմի ոստիկանութեան։ Այժմ արձագանագի կը սպասեն։
Այսօր Աւագ Հինգշաբթի է: Առաւօտեան եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ: Կը կատարուի Ոտնլուայ արարողութիւն: Իսկ երեկոյեան կը կատարուի Խաւարումի կարգ, որը կը վերաբերի Աւագ Ուրբաթին՝ խորհրդանշելով Տիրոջ խաչելութիւնն ու թաղումը: Աւագ Հինգշաբթի օրը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի՝ իր փառքի աթոռին նստիլը իր տասներկու աշակերտներուն հետ:




