
Ազգային ժողովին մէջ կառավարության կատարողականի զեկոյցի ժամանակ Վարչապետը ներկայացուց կառավարութեան 2021-26 թ․ ծրագիրի 2021-ի կատարման ընթացքը եւ արդիւնքները: Ընդդիմութիւնը նիստին չէր մասնակցած:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց , որ մտահոգուած է այն փաստով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուս խաղաղապահ զօրախումբի ծառայողները չեն թույլատրած Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներու մուտքը Արցախ։
Այսօր Աւագ Չորեքշաբթի է, յիշատակն է արարչութեան չորրորդ օրուան, երբ Աստուած լուսատուներ դրաւ երկինքի հաստատութեան ներսը եւ տուաւ Արդարութեան Արեգակի՝ Քրիստոսի ծննդեան Աւետիսը:
Այսօր կը յիշատակուի Բեթանիոյ մէջ կնոջ կողմէն Հիսուս Քրիստոսի օծումը եւ Տիրոջ մատնութիւնը:




