
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով ուղերձներու փոխանակում տեղի ունեցաւ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին:
Հայաստանի վարչապետը ընդունեց աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած Իտալիոյ Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիջի տի Մայոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Փարիզի մերձակայ Լե Լիլա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն։




