
Այսօր 1920 թուականի Շուշիի ջարդերու օրն է։ Ազգային ժողովի պատգամաւորները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Շուշիի մէջ թուրք-ատրպէյճան խումբերու կողմէն՝ զոհերուն հիշատակը:
Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց Շուշիի 102-րդ տարելիցի առիթով։
Արցախի մէջ երէկուընէ դարձեալ կտրած են կազի մատակարարումը ։Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ Ատրպէյճանի կողմին հետ, յայտնեց Արցախի նախագահի խօսնակ Լուսինէ Աւանէսեան։
Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչ միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ղեկավար Թիերի Ռիպոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ընթացքին քննարուած են անյայտ կորսուածները պարզելու, գերիներու, պատանդներու հարցերը։




