
16 Մարտի, ժամը 21:10-ի սահմաններուն, հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան զօրամասի ժամկէտային զինծառայող, շարքային Ալբերտ Լեւոնի Սիրոյեանի դիակը` ծնօտի շրջանին հրազէնային վիրաւորումով: Զինծառայողի մահուան դէպքին պատճառով յարուցուած է քրէական գործ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, անդրադարձած ենՀայաստանի կողմէն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ուղղուած դիմումին, որը կը վերաբերի խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններու կազմակերպման: Նաեւ՝ յառաջիկային Ռուսաստան կատարելիք վարչապետ Փաշինեանի պաշտօնական այցին վերաբերող հարցեր:
Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը, որը աւանդաբար 7 տարին մէկ կ՛ըլլայ, այս տարի Սեպտեմբերին հաւանաբար տեղի պիտի ունենայ Էջմիածին Մայր տաճարին մէջ։ Նոյն օրը տաճարը նորոգուած եւ ամրացած կրկին դռները պիտի բանայ։




