
Նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը Մարտ 13-ին Կարէն Տէմիրճեան անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կայացած Հայաստանի Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը՝ ժողովուրդին տրուած երդումով:
Ատրպէյճանի կողմը արդէն մօտ մէկ շաբաթէ թույլ չի տար Արցախի ներկայացուցիչներուն վերականգնել կազատարի ենթադրեալ «խափանումը»։ Այդպիսով աւելի քան 100.000 արցախցի եղանակային ցուրտ պայմաններուն զրկուած է ջեռուցման կարելիութիւններէն ։ կը յայտնէ Մարդկային իրաւանց պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեանը։
Եվրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար Հայաստան պիտի այցելէ։ «Երկու օրով Երեւան կը վերադառնամ հանդիպումներու։ Քանի որ միջազգային իրավիճակը աւելի կը լարուի, Եվրամիութիւնը՝ աւելի քան երբեւէ հաւատարիմ է խաղաղ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի գաղափարին»,–գրած է Քլաար։





