
Տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքինգործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Աւստրիոյ Եվրոպական եւ արտաքին գործերու դաշնային նախարար Ալեքսանտր Շալընպըրգի առանձնազրոյցը, որմէ ետք ընդլայնուած կազմով հանդիպում։ Կը յայտնէ նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Վահան Հունանեան:
Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Ֆրանսա պիտի մեկնի Փետրուար 8-ին ։ Սինանեան հանդիպած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լույոյի հետ քննարկած՝ Ֆրանսայի հայ համայնքին հետ իր այցի մանրամասները։
Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարը ընդգծած է ֆրանսահայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը եւ այս դժուարին ժամանակներուն անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին ու պետութեան։
Մխիթարեան միաբանութեան հանդէսներու թուային գրադարանը եւ կայքը արդէն իսկ հրապարակուած են. անոնք կը ներկայացնեն 1794 էն 1920ի միջեւ տպուած հայ մամուլէն հաւաքածոներ՝ թուայնացուած ու անվճար։
Թուայնացումի եւ հանրութեան անվճար տրամադրելի դարձնելու այս ծրագիրը արդիւնքն է՝ Մխիթարեան միաբանութեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանին միջեւ համագործակցութեան։




