Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուար 11, 2022

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց ատրպէյճանի կողմէն զինադադարի հերթական կոպիտ խախտման առնչութեամբ, անոնք թիրախաւորած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Կարմիր Շուկայ-Թաղավարդ եւ Ասկերան շրջանի Նախիջեւանիկ համայնքներուն քաղաքայինները եւ քաղաքացիական կառոյցները։

Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերու հիմնական առաքելութիւնը աւարտած է։ Այսօր` Յունուար 11-ին, յայտարարեց երկրի նախագահը։ Պետութեան ղեկավարին խօսքով ՝ խաղաղապահ ուժերու դուրս բերումը պիտի սկսի երկու օրէն եւ տեւէ մինչեւ 10 օր:

Յունուար 11-ին կեանքէն հեռացաւ բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեան: Բանաստեղծը ծնած է 1940 թուականին Սպիտակ շրջանի Մեծ Պարնի գիւղը: 1970 թ. աշխատած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին մէջ՝ որպէս աւագ խորհրդական: 1969-ին՝ հրատարակուեցաւ «Ռեքվիեմը»։

1972-ին առաջին անգամ Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ «Խաչերի ջարդը», իսկ «Թորոս Ռոսլինը» առաջին անգամ հրատարակուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։

Կարդացեք նաև

Back to top button