Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուար 5, 2022

Կառավարութեան այս տարուայ առաջին նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց․ Հայաստանը 2022 թուական կը մտնէ բարեփոոխումներու բաւական լուրջ մեկնարկով:

«Մենք շատ երկար տարիներու քննարկումներէն յետոյ որոշում կայացուցինք , որ ամանորեայ ոչ աշխատանքային օրերու թիւը կրճատենք։ Աւելի շատ պէտք է կեդրոնանանք աշխատանքի վրայ»,-վարչապետ Փաշինեան ընդգծեց` քաղաքական որոշումը կայացուցած են ու այդպէս ալ շարժելու են դէպի առաջ:

Հայաստանի Ազգային ժողովը 2021-ի Նոյեմբերին ընդունեց կառավարութեան հեղինակած օրէնքի նախագիծը, որմով Ամանորեայ ոչ աշխատանքային օրերն են ՝Դեկտեմբեր 31-էն Յունուար 2-ը ներառեալ եւ Յունուար 6-ը:

Առողջապահութեան նախարարութիւնն ու կառավարութիւնը երկրին մէջ ապահոված են անվտանգ և արդիւնաւէտ պատուաստանիւթերու բազմազանութիւն, որոնք ամբողջութեամբ անվճար կը կատարուին ։ Կոչ կ՛ընենք նաեւ այն քաղաքացիներին, որոնք արդէն 6 ամիս անցած է պատուաստման , ստանալ իրենց 3-րդ դեղաչափը։

Գրած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արսէն Թորոսեան։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ , օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի․․․

Կարդացեք նաև

Back to top button