Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբեր 31, 2021

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: Վարչապետը յարգանքի տուրք մատուցեց Արցախեան պատերազմին Հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին։

Վարչապետ փաշինեան Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ պարգեւատրեց 2021 թուականի տարուան 10 լաւագոյն մարզիկները: Ամանորի եւ սուրբ Ծննդեան տօներու նախաշեմին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը տօնական միջոցառումներ կազմակերպեց Սիւնիք եւ Տաւուշ մարզերու 16 սահմանամերձ բնակավայրերու երեխաներուն համար:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ սուրբ Ծնունդ․․․

Կարդացեք նաև

Back to top button