
Մեծ Պրիթանիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը պիտի քննարկէ՝ Նոյեմբերի 9-ին Համայնքների պալատին մէջ: Կը յայտնէ Մեծ Պրթանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը։
Ռուսաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի կառավարութեան հետ միջտարածաշրջանային համագործակցութեան 2022-2027 թուականներու ծրագրին:
Տնտեսական զարգացման նախարարութեան յանձնարարուած է Ռուսաստանի կառավարութեան անունով ստորագրել Հայաստանի հետ համատեղ ծրագրի փաստաթուղթերը: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելած են Ատրպէյճանի մէջ գտնուող գերի եւ պատանդ առնուած հայերը, ծանօթացած անոնց պահման պայմաններուն, օգնած են կապ հաստատել իրենց ընտանիքներուն հետ:





