
Այսօր Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպին Ռուսաստանի եւ Իրանի Արտգործ նախարարները։ Ռուսաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան համաձայն` նախարարներ Սերգէյ Լաւրով եւ Հոսէյն Ամիր-Ապտոլլահիան բանակցութիւններու ընթացքին պիտի քննարկեն իրավիճակը Աֆղանսիտանի, Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ իրադրութիւնը Կասպից ծովուն եւ Հարաւային Կովկասի մէջ:
Հայաստանի նախագահութիւնը Ֆրանքոֆոն միջազգային կազմակերպութեան մէջ հասաւ իր աւարտին: Նախագահութեան արդիւնքները ամփոփելու նպատակով Հայաստան ժամանեց Ֆրանքոֆոն միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիկիվապոն։
Հայաստան երկու տարիով ստանձնեց նախագահութիւնը կազմակերպութեան մէջ, սակայն COVID-19 համավարակի պատճառով 2020 թ. 18-րդ գագաթաժողովը յետաձգուեցաւ։ Հայաստանի մարզերու կարիքաւոր բնակիչներուն եւ Արցախեան պատերազմին վիրավորոուածներին բժշկական օգնութիւն տրամադրելու նպատակով Հայաստան ժամանած են Ֆրէզնոյէն բժիշկներու խումբը:




