
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ հանդիպելու պատրաստակամութիւնը եւ անդրադարձաւ գերիները վերադարձնելու հարցին: Այս յայտարարութիւնը կառավարութեան ղեկավարը ըրաւ Վիլնիւսի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման` պատասխանելով ներկաներու հարցերուն:
Վարչապետը անդրադարձաւ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած իրադրութեան եւ աւելցուց , որ յետ-պատերազմական շրջանը շատ ծանր էր: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` արտաքին միջավայրի հետ կապուած խնդիրները բաւականին բարդ են, եւ միջավայրը Հայաստանի շուրջ կը շարունակէ մնալ լարուած:
«Չնայած այս ամէնուն, մենք որդեգրած ենք մեր տարածաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բանալու քաղաքականութիւնը: Հայաստանը պիտի փորձէ շարժիլ այս ճանապարհով»,- ըսաւ վարչապետ Փաշինեան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Իրանի մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիանի հետ։




