
Օգոստոս 30-31-ին Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով կը գտնուի Ռուսաստան: Տեղի պիտի ունենայ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Սերկէյ Լաւրովին հետ, որուն պիտի յաջորդէ մամլոյ ասուլիս մը։
Մոսկուա Այցի շրջանակներուն մէջ նախատեսուած է նաեւ հանդիպում ՀԱՊԿ Գլխաւոր քարտուղար Ստանիսլաւ Զասին հետ։ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու պատրաստակամութեան մասին:
Թուրքիոյ նախագահին խօսքով՝ տնտեսական զարգացման հարցերով զբաղիլը եւ համագործակցութեան համար պայմաններ ստեղծելը կարելի են միայն կայուն խաղաղութեան ապահովումէն յետոյ։
Այսօր՝ օգոստոսի 30-ին, Հայաստանի ազգային հավաքականը կը մեկնի Հիւսիսային Մակեդոնիա, որտեղ պիտի նախապատրաստուին Հիւսիսային Մակեդոնիա-Հայաստան խաղին։ Սեպտեմբերի 2-ին մեր ազգային ընտրանին հանդիպում պիտի ունենայ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ հետ։




