Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 13, 2021

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց Արցախի պաշտպանութեան բանակի տարածած հաղորդագրութիւնը՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէն հայկական դիրքերու ուղղութեամբ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրառելու վերաբերեալ։ Յայտնեց Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Օգոստոս 12-ի ժամը 17:20-էն սկսեալ, ատրպէյճանական Զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով նաեւ բռնած է միջ դիրքային խոտածածկոյթը: Տեղեկութիւնը յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Մօտ երկու շաբաթ քննարկումներէն յետոյ, Ազգային ժողովը փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրեց 12 մշտական յանձնաժողովներու նախագահներ:

Կարդացեք նաև

Back to top button