Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 09, 2021

Աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Ստանիսլաւ Զաս։ Օգոստոս 9-10-ին ծրագրուած են հանդիպումներ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանին հետ:

Հայաստանի ժողովուրդը իր քուէարկութեամբ կողմ արտայայտուեցաւ կայունութեան ու խաղաղութեան. ՀԲԸՄ -ը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը.

«Սա ինքնին դրական ձեռքբերում է։ Հայկական սփիւռքը Հայաստանի ապագայով մտահոգ բարեկամ ժողովուրդներուն հետ միասին կ՛ողջունէ ընտրութուններուն միջոցով երկրին մէջ բնականոն կեանքի աստիճանական վերադարձը»։

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը ողջունած է Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի երկխօսութիւնը սպառազինութիւններու վերահսկողութեան շուրջ, յոյս յայտնելով, որ երկխօսութեան միջոցով պիտի յաջողի «խստացնել կանոնները միջուկային սպառազինութիւններու նկատմամբ»:

Կարդացեք նաև

Back to top button