
Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին հրադադարի կարգը վերականգնելու վերաբերյալ։ Կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն: Յուլիս 28-ի առաւօտ կանուխ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրություն տարածեց՝ տեղեկացնելով, որ թշնամին Մոսկուայի մէջ նախատեսուող բանակցություններէն առաջ, նախայարձակ մարտական գործողութիւններ սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ` Սոթքէն մինչեւ Վերին Շորժա հատուածը ։ Ծաւալուած են մարտական գործողութիւններ, փոխ հրաձգութիւն։
Հայաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները, կ՛իրականացնեն իւրային դիրքերու պաշտպանութիւն՝ թոյլ չտալով թշնամիի յառաջխաղացումը։ Հայկական կողմը ունի 3 զոհ, 2 վիրաւոր։





