
Յուլիսի 14-ի առաւօտեան 10:30-ի սահմաններուն միջադէպ արձանագրուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին: Ատրպէյճանական Զինուծ ուժերը մարտական դիրքերու յառաջխաղացման նպատակով, փորձած են ամրաշինական աշխատանքներ կատարել: Ծաւալուած փոխհրաձգութեան հետեւանքով մահացու հրազենային վիրաւորում ստացած է Հայաստանի զինծառայողը : Կորուստներ ունի նաեւ ատրպէյճանական կողմը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ ատրպէյճանական կողմի հերթական սադրանքը եւ իրադրութեան յետագայ սրման ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը` կըտեղեկացնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Շուշի քաղաքին մօտ կրակոց գրանցուած է։ Կրակոցները եղած են դէպի օդ եւ չեն ունեցած թիրախային նպատակակէտ։ Կը նշուի նաեւ, որ հայկական ուժեր համապատասխան քայլեր ձեռնարկած են, որմէ ետք կրակոցները դադրած են։
Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինյան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Էմանուէլ Մաքրոնին՝ Ազգային տօնին առիթով։ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով Ֆրանսայի ամուր ներգրաւումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:





