ԿարևորՀասարակություն

Ինծի համար նոր յայտնաբերութիւն էր Հայաստանի երախաներուն հետ լեզու գտնելը

«Հայաստանը հնարաւորութիւններու երկիր է, եթէ դուն կը փնտռես հնարաւորութիւններ, մարդիկ պէտք է ունենան նպատակներ եւ փորձեն հասնիլ այդ նպատակներուն»։

Հալէպէն հայրենիք տեղափոխուած այժմ Ամերիկեան համալսարանին մէջ կրթութեան շարունակական բաժնի  դասատու՝ Վերժին Զապունեանն է մեր հիւրը։ Ան Հալէպի պետական երաժշտանոցի ֆլեյտա/սրինգի դասատուն էր, ինչպէս նաեւ Ազգային Քարէ Եփփէ ճեմարանի անգլերէն լեզուի ուսուցչուհին՝  1995-2012 թ․մինչեւ պատերազմը, անոնք եկած էին Հայաստան պտոյտի, բայց եւ այնպէս մնացին այստեղ։ Վերժին  25 տարի ետք շարունակեց իր ուսումը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ օրեր առաջ դարձաւ շրջանաւարտ։

Կրթական համակարգէն ներս յաճախ կը խօսուի հին ձեւերը վերափոխելու նորարարական ձեւերով, ըստ մեր հիւրին․ «Ուսուցիչը դասարանին մէջ պէտք է խօսի 35-40 տոկոսը , իսկ 60-65 տոկոսը աշակերտը ինքը պէտք է աշխատի ու իր առաջադրանքները կատարէ։ Դասապահը ըլլայ երգելով, պատմելով եւ տեսաերիզներ դիտելով»։

Վերժին Զապունեանի համար Հայաստանի մէջ ուսուցանելը նոր մթնոլորտ, նոր միջավայր էր․ «Ինծի համար նոր յայտնաբերութիւն էր, թէ ինչպէս կարողացայ Հայաստանի երախաներուն հետ լեզու գտնել եւ աշխատիլ իրենց հետ»։

Վերժին Հայաստանի մէջ նախ աշխատած է Եւրասիա վարժարանը, ապա Դիլիջանի «Այբ» դպրոցը, իսկ 2014 թուականէն սկսեալ կ՛աշխատի Ամերիկեան համալսարանի շարունակական կրթութեան ոլորտին մէջ, որպէս անգլերէն լեզուի դասատու։ Ամէն Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը կը մեկնի Եղէգնաձոր եւ Գորիս , որպէսզի այնտեղի աշակերտներուն եւս դասաւանդէ անգլերէն։ «Անոնք Արցախէն տեղահանուած երախաներն են, որոնք կուգան ոչ միայն անգլերէն սորվելու, այլ խաղալու, երգելու։ Իրենց ըսած եմ․  ես ալ ձեզ նման տեղահանուած եմ, բայց ինծի համար տեղահանուած ըլլալը չարիք չէ, այլ` բարիք, այդ մէկը պատճառ դարձաւ, որ ես աշխատիմ եւ իրագործեմ նպատակներս, ձգտումներս։ Աշակերտներուս ծնողներուն յաճախ ըսած եմ․ դուք ինձմէ օրինակ վերցուցէք»։

Եռանդուն հիւրս ՝ Վերժին, ընտելացած է Հայաստանի կեանքին ոչ միայն ապրելով Երեւանի, կեդրոնը այլեւ նոյնիսկ հարաւային շրջանները։ Ան իր ներուժով, անկոտրում կամքով օրինակ է հայ կնոջ կարողութեան եւ յաջողութեան, զոր իր շրջապատին բարիք կը փոխանցէ։

«Ճանապարհորդութիւններուս ժամանակ միշտ լեռներուն վրայէն կ՛երթամ, լեռները եղած են երազանքներուս, ձգտուներուս աղբիւրը, որ ես չբաւարարուիմ, այլ միշտ աւելի բարձրին ձգտիմ»։

Ըստ Վերժինի, բազմաթիւ աշակետներուն հետ շփումը զինք դարձուցած են աւելի մարդկային, իսկ աշակերտները իրմէ սորված ըլլալու են վերաբերմունքն ու դրական ըլլալը։

Ինչ կը վերաբերի սրինգին՝ Վերժին յայտնեց, որ գործիքը կ՛ուղեկցի իր հետ, ուր որ երթայ եւ, ինչո՞ւ չէ, օր մըն ալ կը զարգացնէ իր երաժշտական կրթութիւնը` յաճախելով Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը։

Զրուցակցիս համար ամէնէն կարեւոր բանը կրթութիւնն է, երբէք տարիքը կարեւոր չէ իրեն համար,- Հարկաւոր է միշտ ձգտիլ եւ սորվիլ, մեր կրթութիւնն է, որ մեր հետ կը տանինք, պէտք է աշխատինք կրթութիւն ներդնել մեր երախաներուն մէջ։

Կարդացեք նաև

Back to top button