
Ամերիկայի Նիւ Ճըրսի նահանգը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը: Ծերակոյտը միաձայն ընդունեց Ջոզէֆ Լականայի ներկայացուցած բանաձեւը՝ այսպիսով դառնալով Արցախի անկախութիւնը ճանչցող 10-րդ նահանգը: «Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը այլընտրանք չունի, եւ այդ նպատակի իրագործման համար շարունակելու ենք մեր յամառ պայքարը»,- գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։
Հայաստան ներառուեցաւ Եւրոպական միութեան համաճարակին դիմաց անվտանգ 11 երկիրներու շարքին: Որոշումը տրուեցաւ Յունիս 30-ին Եւրոպական Միութեան դեսպաններու հերթական հանդիպման ընթացքին։ Այս կը նշանակէ, որ հայաստանաբնակները կրնան առանց որեւէ խոչընդոտի մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն եւ շէնկենեան անդամ երկիրները։





