ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 2, 2021

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Եվրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ։ Կը նախատեսուի նաեւ Փաշինեանի հանդիպումը Պելճիքայի Թագաւորութեան վարչապետ Ալեքսանտր Տը Քրոյի հետ։ Մինչ այդ Փաշինեան Ֆրանսայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահին հետ ։ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, թէ Փարիզ նեցուկ պիտի կանգնի Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն:

Նիտերլանտը շեշտեց Ատրպէյճանի մէջ մնացած հայ ռազմագերիներու շուտափոյթ ազատման, ինչպէս նաեւ ամէնէն արագ կերպով UNESCO-ի կողմէն մշակութային ժառանգութեան գնահատման առաքելութեամբ տարածաշրջան գործուղելու կարեւորութիւնը: Նիտըրլանտ կ՛ընդգծէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանէն զօրքերու անյապաղ հեռացման եւ բանակցութիւններու սեղան վերադարձի կարեւորութիւնը։

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ պիտի հանդիպի Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտընին հետ եւ հարցնէ, թէ ինչու «թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները այդքան լարուած են»: Այս մասին Էրտողան յայտնած է թրքական հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ : Էրտողան նշած է նաեւ, որ Թուրքիային «յոգնեցուցած են Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով կեղծ մեղադրանքները» : «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը տեմոքրատները չէին արտաբերած մինչՊայտըն: Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հանդիպումը պիտի կայանայ Յունիս 14-ին՝ ՆԱՏՕ-ի գագաթաժողովին։

Կարդացեք նաև

Back to top button