
Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուշ երեկոյեան ժամանեց Ֆրանսա: Այսօր Փաշինեան Փարիզի մէջ հանդիպումներ կ՛ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Ազգային ժողովի նախագահ Ռիշար Ֆերանի եւ Սենատի նախագահ Ժերար Լարշէյի հետ։ Յունիս 2-ին Պրիւքսէլի մէջ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում կ՛ունենայ Եվրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ։ Կը Նախատեսուի նաեւ վարչապետի պաշտօնակատարի հանդիպումը Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանտր Տը Քրոյի հետ։
ՀՀ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Անահիտ Աւանէսեան Դատաբժշկական կեդրոնի Աբովեանի մասնաճիւղի դիակներու ոչ պատշաճ պահման փաստի հետ կապուած ներողութիւն խնդրած է պատերազմին զոհուածներու հարազատներէն:
«Կը Վստահեցնեմ, որ Դատաբժշկական կեդրոնը կարելին ըրած է դատաբժշկական փորձաքննութիւնները եւ նոյնականացման գործընթացը ապահովելու համար»: Ինչպէս երէկ նշուած էր Առողջապահութեան նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ արձանագրուած փաստի հետ կապուած կը կատարուի ծառայողական քննութիւն՝ համապատասխան հետեւանքներով: Անդրադառնալով վերջերս գերի առնուած 6 հայ զինծառայողի մասին հարցին՝ փոխվարչապետի պաշտօնակատարը վստահեցուց, որ չկայ առիթ մը կամ հանդիպում մը, որտեղ այդ հարցը չի քննարկուի: Ան յոյս յայտնեց, որ այդ հարցը շուտով լուծում կը ստանա:
Յունիսի 1-ը երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է, որը առաջին անգամ նշուած է 1950-թուականին: Թող բոլոր երեխաները առողջ, անհոգ և երջանիկ մեծնան խաղաղութեան մէջ։





