ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 24, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանին հետ քննարկած է Հայաստանի սահմանամերձ մարզերուն մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը։ Հանդիպման հիմնական թեման եղած է տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութեան հարցերը։ Արա Այվազեան ընդգծած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցած ատրպէյճանական զինուած ուժերուն անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերման հրամայականը։

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաուատ Զարիֆ Մայիս 25-ին պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Irna գործակալութիւնը։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը անգամ մը եւս հերքեց Իրանի մէջ 160 հայ զինուորներ գտնուելու մասին լուրերը։«Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը կը հերքէ եւ կեղծ ու անհիմն կը համարէ որոշ հայկական լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուող լուրերը, թէ Իրանի մէջ կը գտնուին 160 հայ զինուորներ, եւ իրանական կողմը զանոնք վերադարձնելու համար նախապայմաններ ներկայացուցած է»: Այս յայտարարութիւնը տարածեց Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութիւնը։

Կարդացեք նաև

Back to top button