ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 21, 2021

«Այդ փաստաթուղթին մէջ կողմերը պարտաւորուած են սահմանային իրադրութիւնները լուծել ոչ թէ զօրքերու փոխադարձ շարժերով, այլ միայն դիւանագիտական, քաղաքական ճանապարհներով»։ Երէկ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան մանրամասներ ներկայացուց համացանցին մէջ շրջանառուող փաստաթուղթի մասին ընդգծելով՝ «այդ միակ փաստաթուղթն է, որը կը գտնուի մեր աշխատանքային շրջանառութեան մէջ»: Ան ըսաւ , որ փաստաթուղթը դեռ քննարկման փուլի մէջ է, այդ պատճառով կառավարչութիւնը չէ հրապարակած։ Նաեւ յայտարարեց. «Մեր դիրքորոշումը կը շարունակէ մնալ, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք է լքեն Հայաստանի տարածքը՝ առանց նախապայմաններու»:

Եվրոպական խորհրդարանը 607 կողմ ձայնով երէկ ընդունեց բանաձեւ, որմով կը պարտադրէ Ատրպէյճանին առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակել հայ ռազմագերիներն ու գերի տարուած քաղաքացիական անձերը։ «Եվրոպայի խորհուրդը կարելին պիտի ընէ աջակցելու երկու անդամ-երկիրներուն՝ տարածաշրջանին մէջ հասնելու երկարաժամկէտ խաղաղութեան ու բարգաւաճման, եւ պիտի օգտագործէ իւրաքանչիւր կարելիութիւն ` մարդու իրաւունքներուն առնչուող հարցերը բարձրացնելու համար»,— ըսուած է Եվրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Պեյչինովիչ Բուրիչի նամակին մէջ ի պատասխան՝Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին։ Ատրպէյճանի կողմէ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու շուտափոյթ վերադարձի վերաբերեալ նամակին:

Back to top button