ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 20, 2021

Մայիս 20-ի Կառավարութեան նիստի ն Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան անդրադրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին: «Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ, իրավիճակը փոփոխութիւն չէ կրած այն առումով, որ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած, այն արձանագրումով, որ տակաւին բաւական թիւով ատրպէյճանցի զինուորականներ կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ՝ մօտաւորապէս 500-600 հոգի»,-ըսաւ Փաշինեան: Նաեւ շեշտեց, որ Միջազգային գործընկերներուն եւ Հայաստանի դիրքորոշումները նոյնական են՝ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ներկայացուցիչները պէտք է լքեն Հայաստանի տարածքը։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյգուին հետ։ Երկուստէք կարեւոր նկատած են խնդիրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը շեշտած է, որ ոտնձգութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն հանդէպ բացարձակ անընդունելի են եւ ատրպէյճանցի զինուորականները պարտաւոր են վերադառնալ ելման դիրքեր։

Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Լաւրովին հետ քննարկած է Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման հարցը: «Քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր, նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան երկարատեւ քաղաքական կարգաւորման որոնումներու հարցը»,- յայտնեց Փրայս։

Կարդացեք նաև

Back to top button