
Հայաստանի մէջ ամենապահանջուած մասնագիտութիւնը ճարտարագիտութիւնն է՝ բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ. յայտարարեց Բարձր արհեստագիտութեան եւ արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան։ Ան նշեց , որ այս ճիւղը Հայաստանի մէջ ամենաարագ զարգացողն է. 2020-ին արձանագրուած է 21% աճ, աւելի քան 3400 նոր մասնագէտներ մուտք գործած են, ոլորտին մէջ միջին աշխատավարձքը կը կազմէ 800,000 դրամ: Դիմատետրի էջին գրած է նախարար Յակոբ Արշակեան՝ կից ներկայացնելով նախարարութեան կողմէն կատարուած հարցման արդիւնքները մօտ 150 ընկերութիւններու մէջ ։ Այս առնչութեամբ մենք հանդիպում ունեցանք Viasphere Tecknopark ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն՝ տոքթ․Վարուժան Մահսէրէճեանին հետ։
Viasphere Tecknopark ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ հիմնադրած է Թօնի Մոռոյեանը 2001 թուականին, ան կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներու , Սիլիքոնեան հովիտին մէջ։ Tecknopark-ի նպատակն է տեղեկատուական ընկերութիւնները ներգրաւել Հայաստանի մէջ եւ զարգացնել տեղական այս ոլորտի ընկերութիւնները։ Viasphere Tecknopark Հայաստանը ունի 10 ընկերութիւն եւ աւելի քան 1000 աշխատող։

Մեր զրուցակիցը 18 տարի առաջ տեղափոխուած է հայրենիք, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն։ Ան կը յորդորէ երիտասարդները , որպէսզի մասնագիտանան եւ հմտանան այս ոլորտին մէջ, նոյնիսկ դպրոցական տարիքէն կը թելադրէ սկսիլ, շեշտելով, որ Հայաստանի ապագան այս ոլորտն է։ Հայաստանը երկար տարիներէ ի վեր այս ոլորտը համարած է գերակայ ոլորտ երկրի տնտեսական զարգացման համար։
«Մեր ընկերութիւնը սատար կը կանգնի դուրսէն նոր եկած ընկերութիւններուն եւ կը խրախուսէ նոր ընկերութիւնները, ֆինանսական, քատրային օգնութիւններով , Հայաստանը ներկայացնելով, որպէս աշխարհի լաւագոյն տեղեկատուական կեդրոններէն մէկը , միաժամանակ տեղական արտադրութիւնները ներկայացնելով արտաշխարհին»։
Ընկերութեան տնօրէնը կը շարունակէ խօսիլ մաքուր Արեւմտահայերէնով , ան լեզուն չէ փոխած ապրելով Հայաստանի մէջ․ «Մենք պարտաւոր ենք Արեւմտահայերէնը պահելու, կոչ կ՛ուղղեմ մեր պետութեան, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ Արեւմտահայերէնին, որովհետեւ Արեւմտահայերէնի միակ պահպանման տեղը մեր երկիրն է»։
Տոքթ Վարուժան Մահսէրէճեան կը կարծէ , որ հակառակ Հայաստանի դժուար ճգնաժամային այս պայմաններուն շուտով կը վերադառնանք մեր զարգացման ուղիին, հայրենիքի շահերը վերադասելով անձնական շահերէն։ Ան լաւատես է, որ շուտով պիտի անցնի այս շրջանը , «Իւրաքանչիւրս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս գործին մէջ, որպէսզի նուազագոյն վնասներով դուրս գանք այս վիճակէն»։




