
Եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքներուն մէջ զոհուած զինծառայողներու աճիւնների որոնողական աշխատանքները Մարտ 15-ին կասեցուած են : Կը տեղեկացնէ Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը: Զինադադարէն յետոյ առ այսօր յայտնաբերուած աճիւններու ընդհանուր թիւը 1499 է, որմէ 23-ը՝ նախնական տուեալներով, քաղաքացիական անձեր:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն նահատակուած զինծառայողներու նոր անուններ: Փառք ու պատիւ մեր հերոսներուն։
Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահ Ան Լինտի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Պաքուն և Երեւանը արդէն սկսած են բանակցային գործընթացի երթեւեկութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով: «Այդ կրնայ շրջադարձային կէտ դառնալ պատերազմի էջը ամբոջովին շրջելու համար: Հաղորդակցութիւններու բացումը շահաւէտ պիտի ըլլայ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար»,-ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:





