ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մարտ 12, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերը Մարտ 16-էն 20 մարտավարական զօրավարժութիւններ պիտի կատարեն։ Կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութան տեղեկատւության եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ Զօրավարժութիւններուն ընդգրկուած են մօտ 7500 զինծառայող, 200 հրթիռային, աւելի քան 90 հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ: Զօրքերու մարտավարական գործողութիւններուն աջակցելու համար զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ օդային յարձակման միջոցներ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան Աշխատանքային այցով կը գտնուի Արաբական միացեալ էմիրութիւններ։ Նախարարը այցելած է Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Հայոց թեմի Առաջնորդարան և շրջայց կատարած՝ Սուրբ Նահատակաց եկեղեցին և վարժարանը: Մարտ 11-ին Նախարարը հանդիպում ունեցաւ Էմիրութիւններու Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Աբտալլահ պըն Զայէտ Ալ Նահեանին հետ: Նախարար Այվազեան վերահաստատեց Հայաստանի մտադրութիւնը՝ աւելի խորացնելու յարաբերութիւնները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ՝ որպէս կապող օղակ Հայաստանի եւ Ծոցի արաբական երկիրներու միջև բազմաբնոյթ համագործակցութեան համար:

Հայ-ռուսական առեւտրա-տնտեսական ոլորտին մէջ․ Առեւտրային երեք խոշոր ցանցեր ընդգրկող X5 Retail Group ընկերութեան հետ, քննարկուած են դէպի ռուսաստանի շուկա հայկական սննդամթերքի արտահանումների մասին։

Կարդացեք նաև

Back to top button