ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մարտ 11, 2021

Բաւական երկարատեւ ընդմիջումէն ետք մենք նոր թագաժահրի էական աճ ունինք: Այս մասին Կառավարութեան այսօրուան նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: 700-էն աւելի ախտորոշուած դէպք ունինք 1 օրուան մէջ. Վարչապետը կոչ ըրաւ մեր ժողովուրդին առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին անհատական մօտեցումը էական նշանակութիւն ունի այս հարցին մէջ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակի քննարկման և ճգնաժամը յաղթահարելուն ուղղուած փոխ ընդունելի լուծումներ գտնելու նպատակով՝ Վարչապետը, խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման ղեկավարները, Մարտ 13-ին ժամը 12:00-ին հանդիպման հրաւիրեց նախագահական նստավայրին մէջ: Նախագահը նշեց, որ անհամաձայնութիւններու կարգաւորման միակ ուղին բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնն են, իսկ Հայաստանի և Արցախի զարգացման միակ ճանապարհը՝ բոլորիս և իւրաքանչիւրիս ջանքերուն համախմբումը:

Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահ Անն Լինտըն յառաջիկային կը պատրաստուի այցելել Հայաստան և Ատրպէյճան: Այդ մասին Լինտըն գրած է Թվիթըրի իր էջին :

Մօտաւորապէս չորս ամիսէ ի վեր Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուած Մարալ Նաճարեան ազատ արձակուեցաւ եւ Լիբանան հասաւ, ան կը գտնուի Լիբանանի մէջ իր ընտանիքին բնակարանը։ Լուրը հաստատեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը: Մարալ գերի ինկած էր նոյեմբեր 10-ին՝ Բերձորի մէջ։

Back to top button