
Արցախի մէջ տեղացած առատ ձիւնի պատճառով, զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքները ժամանակաւոր դադրեցուած են։
100 հայրենադարձ լիբանանահայեր մասնակցած են Սփիւռքի յանձնակատարի հրաւիրած քննարկումներուն , այս մասին կը յայտնեն Յանձնակատարի գրասենեակէն։ Հայրենադարձներու բարձրացուցած խնդիրները տարաբնոյթ էին՝ տան վարձքերու հարցը պետական աջակցութիւն, բնակարանային ծրագիրի ներդրում, առողջապահական երաշխիքներ, աշխատանք եւ բաւարար վարձատրութիւն, ուսման վճարներու փոխհատուցման հարցեր եւայլն։ Խնդիրներու եւ հարցերու մէկ մասը կը քննարկուին ոլորտային պետական այլ լիազօր մարմիններուն հետ՝ լուծումներ գտնելու նպատակով։
Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատն ու կինը՝ Ասման, վարակուած են թագաժահրով: «Նախագահ Ասատն ու կինը մեկուսացած են իրենց տան մէջ ու այդպէս կը շարունակեն իրենց աշխատանքները:»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Նախագահի մամլոյ ծառայությունը կը յայտնէ, որ նախագահ Ասատի եւ առաջին տիկնոջ վիճակը կայուն է։





