ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Փետրուար 3, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, տնային պայմաններու մէջ կը շարունակէ բուժումը եւ կ՛աշխատի հեռավար, ուշադրութեամբ կը հետեւի երկրին մէջ տեղի ունեցող գործընթացին: Կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի լրատուական ծառայութենէն՝ աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն՝ վերադարձէն ետք, Հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ քննարկումները:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի առաջնորդները Փալլոն, Սփիռ, Պիլիրակիս, Վալատաոն եւ Շիֆը նամակով դիմած են պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայնը»: Նամակին մէջ անոնք ընդգծած են տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ծանր կացութիւնը, որն ըստ քոնկրէսականներու՝ յառաջ եկած է արպէյճանական եւ թրքական անկանխատեսելի պատերազմին արդիւնքով: Միջազգային հանրութիւնը, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, նոյնպէս կարեւոր դեր ունին՝ ճանչնալով ի վերջոյ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ իրենց օրինական բանակցային կողմի դերը այս հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ,-յայտարարած են Քոնկրէսի հայկական յանձնախումբի անդամները՝ նաեւ կարեւոր համարելով, որ Ամերիկան պէտք է ձգտի ամրապնդել ռազմավարական յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՝ երիտասարդ ժողովրդավարութեան, որը ցնցուած է անցեալ տարուան իրադարձութիւններուն արդյունքով: Քայլերուն մէջ քոնկրէսականները յատուկ շեշտադրած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը նախագահ Պայտընի կողմէն Ապրիլ 24-ին:

Հռոմի պապին հրամանագիրով Հռոմէական գլխաւոր օրացոյցին վրայ Փետր․ 27-ը կը նշուի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակի օր ։ 2015-ին Հռոմի Պապը հայ միջնադարեան հոգեւորական, աստուածաբան, բանաստեղծ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին շնորհեց «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»-ի տիտղոսը:

Back to top button