
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստին ամփոփեց Արցախի մեր հայրենակիցներուն և ընդհանրապէս Արցախի բնականոն կեանքի վերականգնման ուղղուած միջոցառումները:
«Առաջինը՝ Արցախի մէջ հաշուառուած քաղաքացիներու աջակցութեան ծրագիրն է, որմէ կ՛օգտուի շուրջ 87 հազար շահառու: Կառավարութիւնը այս նպատակով յատկացուցած է 6.4 մլրդ․ դրամ։ Հաջորդ միջոցառումը Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող համայնքներու բնակիչներուն աջակցութեան ծրագիրն է. այստեղ ունինք աւելի քան 2000 շահառու, կառավարութիւնը յատկացուցած է մօտ 600 մլն․ դրամ:
Արցախի մէջ Դեկտեմբեր ամսուան կենսաթոշակները և նպաստները վճարելու նպատակով Արցախի կառավարութեան գումար յատկացնելու մասին որոշում առնուած է , յատկացնելով շուրջ 940 մլն․ դրամ, Արցախի մէջ պետական աշխատողներու Դեկտեմբեր ամսուան աշխատավարձքերը վճարելու նպատակով Արցախի կառավարութեան յատկացուած է մօտ 3.1 մլրդ․ դրամ: Արցախի բնակչութեան վերջին երեք ամսուան կոմունալ վճարումներու ամբողջական անհատոյց հատուցումը իրականացնելու համար յատկացուած է շուրջ 1 մլրդ․ դրամ: կառավարութիւնը հաստատած է 8 միջոցառումներ եւս, որոնք ընթացքի մեջ են և որոնց իրականացման վերաբերեալ հաշուետւութիւնները կը ներկայացուին յառաջիկային։
Այսօր Մեկնարկեց ՀՀ Կառավարութեան հերթական նիստը, մինչ հանրապետութեան հրապարակը այսօր նոյնպէս տեղի կ՛ունենար վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջքով հանրահաւաք: Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները այսօր առաւօտէն շրջափակած էին ՀՀ կառավարութեան շենքը:
Իրենց նպատակն էր շրջափակել Կառավարութեան շէնքի բոլոր մուտքերը, որպէսզի թոյլ չտան գործադիրը նիստ գումարէ: Ցուցարարները վրաններ տեղադրած են Հանրապետութեան հրապարակը, «Հայրենիքի փրկութեան շարժումը» յայտարարած էր շուրջօրեայ հանրահաւաքներու մասին:




