ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբերի 17, 2020

Երկիրը ցնցումներէն զերծ պահելու համար ի վերջոյ անխուսափելի են Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները: Այդ մասին երեկուան տեսաուղեձին մէջ շեշտեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը:

Արմէն Սարգսեանը այդ համոզման հասած է վերջին օրերու ընթացքին` Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութենէն յետոյ, տեղի ունեցած քաղաքական խորհրդակացութիւններուն արդիւնքով: Նախագահը հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանական և արտախորհրդարանական ուժերուն, հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն հետ, ինչպէս նաեւ՝ Սփիւռքի:

Հանրապետութեան նախագահը հրամանագիր ստորագրած է Զօհրապ Մնացականեանը ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն ազատելու մասին ։ ՀՀ նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով Գուրգէն Դալլաքեանը ազատած է ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատար, ոստիկանութեան պետի տեղակալի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պաշտօնէն: Այդ պաշտօնին նշանակուած է Հայկ Պապայեանը:

Կարդացեք նաև

Back to top button